image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողանը ահաբեկիչ անուանած հոլանատացի գործիչին դէմ՝ հետաքննութիւն

Էրտողանը ահաբեկիչ անուանած հոլանատացի գործիչին դէմ՝ հետաքննութիւն

 

«Էրմէնիհապէր»էն կը կարդանք`

 

15 Փետրուարին Հոլանտայի «Յանուն Ազատութեան կուսակցութեան» (PVV) առաջնորդ, Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Խիրթ Ուիլտըրսը Twitter-ի իր էջին հրապարակած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի լուսանկարը` վերջինիս անուանելով ահաբեկիչ: Վիլտըրսը յայտնի է Թուրքիոյ եւ թրքական իշխանութիւններու հասցէին սուր քննադատութիւններով: 

Ան Էրտողանը կը մեղադրէ իսլամական ծայրայեղական շարժումներն ու ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ֆինանսաւորելու եւ հակաարեւմտեան քաղաքականութիւն վարելու մէջ: 

Նշենք, որ յիշեալ լուսանկարին մէջ Էրտողան պատկերուած է իր բնական եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գրոհայինի դէմքով: Ձախ մասին պատկերուած է Թուրքիոյ պետական դրօշը, իսկ աջ մասին՝ ԻՊ-ի դրօշը:

Ուիլտըրսը այս լուսանկարով աշխարհին կը փորձէ անգամ մը եւս յիշեցնել ԻՊ-ի եւ Էրտողանի միջեւ եղած կապը:

Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնած է հոլանտացի քաղաքական գործիչի դէմ հետաքննութիւն սկսելու մասին:

Դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հետաքննութիւն սկսելու պատճառը Ուիլտըրսի կողմէ հրապարակուած Էրտողանի լուսանկարն ու անոր հասցէին եղած գրառումն է:

 

 

 

facebook sharing button
twitter sharing button
pinterest sharing button
email sharing button
sharethis sharing button