Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի վարչակազմի ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարի կեդրոնը հերքած է երկրի ղեկավարի մօտ սրտի կաթուածի մասին լուրերը, գրած է «ՌԻԱ նովոստին»:
«Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած այն տեղեկութիւնները, թէ նախագահ Էրտողան իբր սրտի կաթուած ստացած է եւ տեղափոխուած է հիւանդանոց, իրականութեան չեն համապատասխաներ»,-ըսուած է Twitter-ի գրառման մէջ։
Ըստ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայի, որուն խօսքերը մէջբերած է TRT Haber հեռուստաալիքը, նախագահի առողջական վիճակը լաւ է, ան թեթեւ մրսածութիւն ունեցած է։
Երկրի իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էրքան Քանտեմիրն այսօր տեսահոլովակով հաստատած է, որ Էրտողանը հինգշաբթի օր տեսակապով պիտի մասնակցի Աքքույու աթոմակայանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։ Բացի այդ, վաղը նախատեսուած հանրահաւաքը յետաձգուած է։
Չորեքշաբթի Թուրքիոյ նախագահը բժիշկներու խորհուրդով չեղարկած է նախընտրական քանի մը միջոցառումներ։
Յիշեցնենք, որ նախօրէին, ուղիղ եթերի ժամանակ, երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը պատասխանէր լրագրողներու հարցումներուն գրեթէ ուշագնաց եղաւ։ Ուղիղ հայտագիրը դադրեցուեցաւ ու պահ մը ետք վերստին սկսաւ ու յայտագիր վարող մեկնաբանը ներողութիւն հայցեց, որ այսքանով պիտի բաւարարուինք։ Աւելի ուշ Էրտողան ինք արտայայտուեցաւ իրադրութեան մասին նշելով, որ վերջին օրերուն յայտնուած է գերյոգնած վիճակի մը մէջ եւ ունեցած է ստամոքսային ցաւեր։