image

Էրտողանի ծաղրանկարը մեծ աղմուկ ստեղծած է Թուրքիոյ մէջ

Էրտողանի  ծաղրանկարը  մեծ  աղմուկ ստեղծած է Թուրքիոյ մէջ

Ֆրանսական «Charlie Hebdo» ամսագիրը իր շապիկին հրապարակած  է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի ծաղրանկարը, որ մեծ գայթակղութիւն առաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ։ Բարձրաստիճան պաշտօնեաները մէկը միւսի ետեւէն արձագանգող գրառումներ ըրած են Twitter-ի վրայ։

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալըն պատասխանած է ֆրանսական «Charlie Hebdo» ամսագրի հրապարակած ծաղրանկարուն՝ «Մինչ լաթի կտորները խելքը կորսնցուցեր են․․․ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք։ Վատութիւնը երբեմն այսպիսինն է։ Լաւերուն ճանապարհ ցոյց կու տայ։ Մ՛ի անհանգստանաք,  «Charlie Hebdo»։ Մեր ազգը ձեզի աւելի բարձր ձայնով, ամենալաւ պատասխանը կու տայ մայիս 28-ին»։

Ծաղրանկարին անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան պետ Ֆախրըտտին Ալթունը, նշելով որ՝  «Charlie Hebdo» ամսագիրը, Էրտողանը թիրախաւորող «անմարդկային ծաղրանկար հրապարակած է ու անգամ մը եւս աշխարհին ապացուցած, թէ որքան զզուելի է»։

Ի յաւելումն իր խօսքերու՝ Ալթուն գրած է. «Կարծես թէ մայիս 14-ին կայացած ընտրութիւններուն մեր նախագահի մեծ յաջողութիւնը ստիպեց այս անպատիւներուն կորսնցնել իրենց քունը, ցրել հիւանդագին տրամադրութիւնը եւ փսխել  ատելութիւն։ Ինչ ալ ընեք, չէք կրնար վախցնել Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։ Մեզ չէք կրնար շեղել ճիշդ ճանապարհէն։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս անբարոյականութիւնը եւ խղճայարութեամբ կը նայինք անոնց, մինչ անոնք կը պայքարին յուսահատութեան դէմ»։