image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյց. Թեման Ուքրանիան էր

Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյց. Թեման Ուքրանիան էր

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ շուրջ եւ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ վերջին երկրաշարժերու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը։

Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժերը եւ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան հետ կապուած իրադարձութիւնները, որու մէկ տարին լրացաւ այսօր:

Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է Անգարայի պատրաստակամութեան մասին՝ նպաստելու Ուքրանիոյ իրավիճակի կարգաւորման բանակցութիւններու վերսկսման։