image

Էրտողան Օգոստոսին Ռուսաստան պիտի մեկնի

Էրտողան Օգոստոսին  Ռուսաստան պիտի մեկնի

Յայտնի դարձած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 9 օգոստոսիին պիտի այցելէ Սան Փեթերպուրկ:Իսկ այսօր, թրքական «Ճիհան» լրատուական գործակալութեան տեղեկացմամբ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Մեհմետ Շիմշեքը եւ տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զեյպեկչին պաշտօնական այցով պիտի մեկնին Մոսկուա: 

Նշենք, որ 24 նոյեմբեր 2015-ին Սիրիոյ մէջ՝ Թուրքիոյ հետ սահմանին, թրքական ԶՈՒ-ի կողմէ ռուսական Սու-24 օդանաւը խոցելու դէպքէն ետք երկու երկիրներու միջեւ առաջացած դիւանագիտական ճգնաժամի պատճառով դադրեցուած էր փոխայցելութիւնները: