image

Էրտողան նոր նշանակումներ կատարած է բանակէն ներս

Էրտողան նոր  նշանակումներ կատարած է բանակէն ներս

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Անգարայի մէջ Գերագոյն ռազմական խորհուրդի նիստին յայտարարուած է երկրի ռազմական ղեկավարութեան մէջ նոր նշանակումներու մասին։

Երկրի ղեկավարը ստորագրած է խորհուրդի համապատասխան որոշումները։

2-րդ բանակի հրամանատար, զօր. Մեթին Կիւրաքը նշանակուած է Թուրքիոյ զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետ։

Ցամաքային զօրքերու հրամանատարի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ զօր. Սելճուք Պայրաքթարօղլուն։

Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը պիտի գլխաւորէ զօր. Զիա Ճեմալ Քատիօղլուն։

Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ զօրավարներու եւ ծովակալներու թիւը 266-էն պիտի աւելացուի մինչեւ 286։

Հանդիպումը փակ եղած է մամուլի համար եւ տեւած մօտ 3 ժամ։