Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը հաստատած է Անգարայի մասնակցութիւնը 2020 թուականի արցախահայութեան դէմ պատերազմին։
«Ատրպէյճանի հետ մեր համագործակցութեան շնորհիւ Ղարաբաղը ազատագրուեցաւ»,- խոստովանած է ան։
Էրտողան կը կարծէ, որ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումէն ետք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման հնարաւորութիւն կայ։
Այս խաղաղութեան եւ կայունութեան պտուղները լիովին իր վրայ կը զգայ արտաքին աշխարհի հետ կապէ զրկուած Արցախի ժողովուրդը, որ բախած է մարդասիրական լուրջ ճգնաժամի՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով։
Էրտողանը յայտարարած է, որ Թուրքիան աւելի պիտի ամրապնդէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներու մէջ։