image

Էրտողան եւ Ալիեւ պիտի նշեն Շուշիի հռչակագրի առաջին «տարեդարձ»ը

Էրտողան եւ Ալիեւ պիտի նշեն Շուշիի  հռչակագրի    առաջին «տարեդարձ»ը

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնատարները Շուշիի հռչակագիրի ստորագրման միամեակին առիթով պիտի հաւաքուին Շուշիի մէջ: «Ռիփորթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Եաւուզ Սելիմ Քիրան:

Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան կը նախատեսէ մեծ պատուիրակութեամբ մասնակցիլ յաջորդ շաբաթ Շուշիի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին:

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները Շուշիի հռչակագիրը ստորագրած էին 15 Յունիս 2021-ին: Հռչակագիրը համագործակցութեան մասին պայմանագիր է:

Փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք, Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ ըսած էր, որ ատիկա բարձրագոյն մակարդակի կը հասցնէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը: Հռչակագիրը կ՛ենթադրէ փոխադարձ զինուորական օգնութիւն եւ սերտ համագործակցութիւն ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ: «Մեր ստորագրած դաշնակցային համաձայնագիրը ցոյց կու տայ մեր հետագայ համագործակցութեան ուղիները, հռչակագիրին մէջ կ՛ընդգծուին համագործակցութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ, ուժանիւթային անվտանգութեան, Հարաւային կազային միջանցքի, տնտեսութեան, առեւտուրի, մշակոյթի, մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ, սակայն ես կ՛ուզեմ առանձնացնել երկուքը` համագործակցութիւնը ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ եւ փոխադարձ զինուորական օգնութիւնը», ըսած էր Ալիեւ: Ան հռչակագիրը «պատմական մեծ նուաճում» կոչած էր:

Ալիեւ նաեւ խօսած էր այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին` ըսելով, որ «ատիկա կարելի դարձած է ղարաբաղեան պատերազմէն ետք ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր կացութեան հետեւանքով»:

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: