image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան Երեւանին առաջարկած է «երկարաժամկէտ ռազմավարական» մօտեցում որդեգրել

Էրտողան Երեւանին առաջարկած է «երկարաժամկէտ ռազմավարական» մօտեցում որդեգրել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է որ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը խաղաղութեան եւ կայունութեան յոյսի նոր աղբիւր պիտի ըլլայ ինչպէս մեր տարածաշրջանին մէջ, այնպէս ալ ողջ աշխարհի մէջ»:

Այդ մասին Էրտողան յայտարարած է փետրուար 19-ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն ետք ըրած յայտարարութեան մէջ։

«Այս գործընթացին մէջ մենք կը գործենք միասին՝ ուս ուսի տուած Ատրպէյճանի հետ։ Ղարաբաղի բռնագրաւման աւարտէն ետք պատմական հնարաւորութիւններու պատուհան բացուած է մեր տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան համար։ Շատ կարեւոր է, որ այդ պատուհանը չփակուի։ Վստահ եմ, որ Հայաստանը պէտք է գնահատէ այս գործընթացը երկարաժամկէտ ռազմավարական հեռանկարի պրիսմակով։ Մենք կը խրախուսենք երրորդ կողմերը կառուցողականօրէն նպաստել գործընթացին, այլ ոչ թէ թունաւորել այն: Օգտուելով առիթէն՝ կ՚ուզեմ յոյս յայտնել, որ քանի մը օր առաջ երկու երկիրներու սահմանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պիտի չկրկնուին»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։

Իլհամ Ալիեւն իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ «այսօր Թուրքիոյ խօսքը կը լսեն ամբողջ աշխարհի մէջ»։

«Բազմաթիւ հարցեր ոչ միայն մեր տարածաշրջանին մէջ, այլեւ աշխարհի մէջ կախուած են Թուրքիոյ դիրքորոշումէն։ Թուրքիան մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան երաշխաւորն է։ Թուրքիոյ հզօր արդիւնաբերական ներուժը, անոր հզօր տնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ռազմական հզօրութիւնը կը հիացնեն բոլոր անոնց, որոնք կը պատկանին թրքական աշխարհին»,-ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։

«Հիմք ընդունելով Դաշնակցային յարաբերութիւններու հռչակագիրը՝ մենք միասնական ենք բոլոր հարցերուն մէջ։ Մենք կ՚աւելցնենք մեր ուժը, եւ, ի հարկէ, թրքական աշխարհի միաւորումը, ընդհանուր արմատներ ունեցող ժողովուրդներու միասնութիւնը կը նպաստէ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան իւրաքանչիւր անդամի ամրապնդման։ Այսօր այս հարցի շուրջ ծաւալուն քննարկումներ ունեցած ենք։ Հուլիսին Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովը։ Իմ հրաւէրով այդ հանդիպման պիտի մասնակցի նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան նախագահը, եւ այդ եւս մէկ հզօր խթան պիտի հաղորդէ մեր ընդհանուր գործին՝ թուրք ժողովուրդներու միասնութեան գործին»,-ըսած է Ալիեւ։