Վերջին տուեալներով՝ 6 փետրուարին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժերու զոհ դարձած է աւելի քան 46 հազար մարդ, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը՝ յղում ընելով vesti.ru-ին։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ միայն Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը գերազանցած է 40 հազարը։
Զոհերու թիւը դեռ կրնայ աւելնալ, որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։ Միայն Թուրքիոյ մէջ 345 հազար բնակարան քանդուած է, յայտնած է Reuters-ը։
Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ (Մարաշ) նահանգին մէջ 19 փետրուարի լոյս գիշերը 5,1 ուժգնութեամբ եւս մէկ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, որուն օճախը գտնուած է 12 քիլոմեթր խորութեան վրայ՝ Քեքսուն քաղաքի մօտ։ Աւերածութիւններու եւ տուժածներու մասին չէ հաղորդուած: