image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանը ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի շուրջ Պաքուի առաջարկները․ ԱԳՆ

Երեւանը ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի շուրջ Պաքուի առաջարկները․ ԱԳՆ

Պաշտօնական Երեւանը ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Պաքուի հերթական առաջարկները։ Այս մասին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

Յիշեցնենք՝ Պայրամովը յայտնած է, որ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ առաջարկութիւններու հերթական փաթեթը պաշտօնական Պաքուն ստացած է Երեւանէն այս տարուան նոյեմբերի վերջը:

«Մէկ ամսուան ընթացքին մեր կողմէն մշակուած առաջարկութիւններու փաթեթը ներկայացուած է Հայաստանին։

Գործընթացը կը շարունակուի։ Կը կարծեմ՝ հանդիպումները պիտի կայանան 2024 թուականին»,-ըսած էր Պայրամով։