image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանը դեռ չէ կողմնորոշուած «3+3» ձեւաչափով ԱԳ նախարարներու հանդիպման մասնակցելու հարցով

Երեւանը դեռ չէ կողմնորոշուած «3+3» ձեւաչափով ԱԳ նախարարներու հանդիպման մասնակցելու հարցով

Պաշտօնական Երեւանը դեռ չէ կողմնորոշուած`պիտի մասնակցի Թուրքիոյ մէջ կայանալիք «3+3» ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ հանդիպման, թէ ոչ։

Նման եզրահանգման կարելի է յանգիլ ՀՀ ԱԳՆ նամակէն` ի պատասխան «Sputnik Արմենիա»ի գրաւոր հարցման։

Աւելի վաղ ՀՀ–ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին յայտարարած էր, որ «3+3» ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ մօտ ժամանակներս:

««3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային հարթակի երրորդ հանդիպման եւ ՀՀ հնարաւոր մասնակցութեան վերաբերեալ յստակ պայմանաւորուածութեան առկայութեան պարագայում հանրութիւնը կ՚իրազեկուի պատշաճ ժամկէտում»,- յայտնած է ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը։

Յիշեցնենք, որ «3+3» հարթակը կ՚ենթադրէ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարներու մասնակցութիւն։ Վրաստանը հրաժարած է միանալ այս հարթակին։