image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի Մեթրոն դադրած է աշխատելէ. Պատճառը ապահովական ահազանգն է

Երեւանի Մեթրոն դադրած է աշխատելէ. Պատճառը ապահովական ահազանգն է

Երեւանի մեթրոփոլիթէնի բոլոր կայարանները փակ են։ Տեղեկութիւնը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է Երեւանի մեթրոփոլիթէնի մամուլի խօսնակ Տաթեւ Խաչատրեանը։

«Ռումբի ահազանգ ենք ստացել, անվտանգութիւնից ելնելով բոլոր ուղեւորները տարհանուել են, բոլոր կայարարնների դռները փակ են ներկայ պահին, հետագայ ընթացքի  մասին լրացուցիչ կը հաղորդենք»,–ըսած է Երեւանի մեթրոփոլիթէնի մամուլի խօսնակը։