image

Երեւանի մէջ. Քաղաքացիի ինքնահրկիզման ձախող փորձ եւ ձերբակալում

Երեւանի մէջ. Քաղաքացիի ինքնահրկիզման ձախող փորձ եւ ձերբակալում

Մարտ 7-ի առաւօտեան արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Քաղաքացին Կառավարութեան շէնքի դիմաց պենզին լեցուցած է իր վրայ՝ փորձելով ինքնահրկիզուիլ։

Դէպքի վայր գտնուող իրաւապահները կանխած են ինքնահրկիզման փորձն ու բերման ենթարկած անոր։ 

«Հեռու մնացէք, բոլորին տրաքացնելու եմ: Ամբողջ աշխարհի փրկութեան ծրագիրն իմ մօտ ա, ես ամբողջ աշխարհի էներգետիկն եմ: Մի մարդ իրականցնում է Հայաստանն առանց հայերի ծրագիր, դա Փաշինեանը չի»,-պոռացած էր քաղաքացին իրաւապահներու կողմէ բերման ենթարկուելու ընթացքին։

Ան նաեւ ըսած է, որ թուղթեր բերած է Կառավարութիւն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցելու համար։

«Ինձ կը տանէք 6-րդ վարչութիւն»,- պահանջած է ինքնահրկիզման փորձ ընող քաղաքացին՝ դիմելով ոստիկաններուն: 

Լրագրողներու դիտարկման՝ թէ քաղաքացին ժամեր առաջ յայտնած է իր մօտ պենզինի առկայութեան մասին, մինչդեռ քայլեր չեն ձեռնարկուած, իրաւապահներէն մէկը արձագանգած է, որ այնտեղ չէ եղած եւ նոր տեսած է տղամարդուն։

«Եթէ ձեզ զգուշացրել են, ինչո՞ւ տեղեակ չէք պահել։ Եթէ նման ինֆորմացիա ունէք, ապա մեր բոլորի քաղաքացիական պարտքն է մօտենալ ու տեղեակ պահել», - առարկած է ոստիկանը։