Կին մը լուացք փռելու պահուն ինկած է շէնքի 2-րդ յարկ գտնուող իրենց տան պատշգամէն, վերջինիս փլուզման հետեւանքով։ Տեղեկութիւնը յայտնած է shamshyan.com-ը։
Դէպքը տեղի ունեցած է 26 ապրիլին, Երեւանի Շենգաւիթ վարչական շրջանի Արարատեան փողոցին վրայ։
«42–ամեայ Կարինէ Ս–ն Արարատեան 66 շէնքի 2-րդ յարկի իրենց բնակարանի պատշգամբում լուացք կախելիս է եղել, երբ այն փլուզուել է։ Նրան առաջին օգնութիւն են ցուցաբերել քաղաքացիները, ապա շտապօգնութեան աշխատակիցներ տեղափոխել են «Էրեբունի» ԲԿ»,– յայտնած է կայքը։
Կայքի տեղեկութիւններով` այդ շէնքի մէջ քանի մը պատշգամներ ալ կան, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն մարդոց կեանքին համար, քանի որ ամէն վայրկեան կրնան փլչիլ։