Հինգշաբթի՝ 15 Նոյեմբերի երեկոյեան իր մահկանացուն կնքեց Տիկ. Սրբուհի Գալայճեան -Թիւրպենտեան, ծնեալ 1933-ին, Սուրիոյ Ռաս Ուլ Էյն քաղաքին մէջ:
Հանգուցեալը իր կեանքի ուղին կտրած էր, արժանաւորինս մարմնաւորելով հայ մօր դրական բոլոր արժանիքները: Ըլլալով հայրենասէր քաղաքական գործիչի երիտասարդ այրի, լծուած էր անձնուիրաբար մեծցնելու եւ դաստիարակելու իր չորս անչափահաս երեխաները: Անկոտրում կամքի, պատասխանատուութեան գիտակցութեան եւ համակ սիրոյ հերոսուհին էր Տիկ. Սրբուհին: Սուրիական պատերազմին պատճառաւ՝ տասը տարիէ ի վեր հաստատուած էր Հայաստան, ուր անոր հայրենասէրի հոգին գտած էր իր անդորրն ու խաղաղութիւնը: Անոր ամէնօրեայ օրհնանքը կ'երթար հայրենի ժողովուրդին ու հողին, որուն վրայ ինքզինք այնքան ուժեղ եւ երջանիկ կը զգար: Իբրեւ մնայուն պատգամ իր կարգախօսը ըրած էր՝ «Հայրենիքէն լաւ տեղ չկայ, դրախտ է մեր երկիրը»:
Լուսեղէն իր էութեամբ՝ թող ննջէ հանգիստ հայրենի սուրբ հողին տակ:
Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ 20 Նոյ. 2021-ին, Մալաթիոյ Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 14:30-ին:
Այս առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս թերթիս բարեկամ հալէպահայ բանաստեղծ՝ Տիգրան Գաբոյեանին։