Արմատներով Այնթապցի պրն. Լեւոն սիրուած եւ յարգուած էր շրջապատին կողմէ։ Կուռ բնաւորութեամբ, խօսքէն աւելի գործին հաւատացող եւ ազգային գործերուն մէջ խտիր չդնող պրն. Լեւոն երկար տարիներ եղած է Բերիոյ Թեմի ազգային կառոյցներուն փնտռուած եւ վստահելի գործիչն ու նուիրեալը։
Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հալէպի հայկական համայնքի ծանօթ եւ յարգուած ազգայիններէն՝ Լեւոն Տէր Արթինեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։
Ան եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ, Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Դատաստանական Խորհուրդի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամ ու ատենապետ։
Արմատներով Այնթապցի պրն. Լեւոն սիրուած եւ յարգուած էր շրջապատին կողմէ։ Կուռ բնաւորութեամբ, խօսքէն աւելի գործին հաւատացող եւ ազգային գործերուն մէջ խտիր չդնող պրն. Լեւոն երկար տարիներ եղած է Բերիոյ Թեմի ազգային կառոյցներուն փնտռուած եւ վստահելի գործիչն ու նուիրեալը։
Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ օր 16 յուլիսին, Երեւանի Կոնտ շրջանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։