image

Երեւանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանի տան մաքրուհին գողութիւն կատարած է

Երեւանի մէջ   Եգիպտոսի  դեսպանի տան մաքրուհին գողութիւն կատարած է

Ըստ Aravot.am –ին՝ Է. Ա.-էն ահազանգ ստացուած է, որ Վերին Անտառային փողոցը բնակող Եգիպտոսի դեսպանի տան աշխատակցուհին գողութիւն կատարած է:

Ըստ հետաքննիչին՝ պարզուած է, որ Մարտէն մինչեւ Մայիս 20-ի ժամանակամիջոցին Հ. Ա.-ն, որպէս մաքրուհի աշխատելով ՀՀ-ի մօտ Եգիպտոսի դեսպան՝ Պահաա Ալ Տին Պահկաթ Տիսուքիի տունը, գողցած է գեղեցկագիտական պարագաներ եւ ոսկի ապարանջան:

ՔՀԲ ծառայողները գողութիւնը կատարելու կասկածանքով բերման ենթարկած են Հ. Ա.-ն, եւ խուզարկութենէ ետք գողօնը մասնակի յայտնաբերուած է:

Դեսպանէն ընդունուած է հաղորդում: 

Հ.Ա.-ն ազատ արձակուած է:

Կը նախապատրաստուին նիւթեր: