image

Երեւանէն բարի լուր. Ծնունդ՝ Շուշի Ֆաքճեանի

 Երեւանէն բարի լուր. Ծնունդ՝ Շուշի Ֆաքճեանի

«Արեւելք» (Երեւան)- Օրերս Երեւանի մէջ լոյս աշխարհ եկած է Յակոբ եւ Ջինա Ֆաքճեաններու դուստր զաւակը՝ Շուշին։

Յակոբ Ֆաքճեան բնիկ Հալէպէն է եւ ան իր ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին հաստատուած է Հայաստանի մէջ։

Երեւանի մէջ կատարելագործած է իր թատերական ուսունքը եւ այդ ժամանակներուն ալ ծանօթացած է իր կողակիցին՝ արմատներով  Վրաստանէն Ջինա Գոչինեանին։

Շուշին երիտասարդ ընտանիքին երկրորդ բարի ծնունդն է, մինչ առաջին զաւակը կը կոչուի Մոնթէ։

Մեր շնորհաւորանքները կը յղենք Ֆաքճեան ընտանիքին եւ մասնաւորապէս մեր հարթակի բարեկամ՝ Տիար Յակոբ Ֆաքճեանին։

 Թող որ բարի լուրերը տիրական դառնան հայկական բոլոր օճախներուն մէջ։