image

Երեւան. Դադրեցուած է հացի արտադրամասի մը գործունէութիւնը

Երեւան. Դադրեցուած է հացի արտադրամասի մը գործունէութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմնի արագ արձագանգման բաժնի տեսուչները, ստուգում կատարած են անհատ ձեռնարկատէր Արմէն Թաիրեանի պատկանող հացի արտադրամասին մէջ (ք․ Երեւան, Աթոյեան փողոց)։ Ստուգման արդիւնքով պարզուած է, թէ արտադրութիւնը կատարուած է սննդամթերքի առողջապահական ներկայացուող պահանջներու խախտմամբ։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմնէն։

Մասնաւորապէս՝

Արտադրամասին առաստաղը, պատերը եւ յատակը չէին պահուած նորոգ վիճակի մէջ, առկայ եղած է մասնիկներու թափումի հաւանականութիւն, պատրաստուած չեն եղած անջրանցիկ, լուացուող եւ ախտահանուող նիւթերէն։

Պատուհաններուն վրայ չկային միջատներուն դէմ պաշտպանող հեշտօրէն դուրս բերուող եւ մաքրուող ցանցեր։

Դռները պատրաստուած չեն եղած չներծծուող նիւթերէ, ինչ որ կը հակասէ առողջապահական պահանջներուն։

Տեսչական մարմնի ղեկավարին որոշումով՝ արտադրամասի արտադրական գործունէութիւնը կասեցուած է, եւ սահմանուած է ժամկէտ՝ յայտնաբերուած խախտումները վերացնելու համար։