Իրաքի նաւթային նաւահանգիստներու գործունէութիւնը ամբողջովին դադրեցուած է՝ իրաքեան ջուրերուն մէջ երկու նաւթատար նաւերու վրայ Իրանի յարձակումներէն ետք։ Այս մասին կը տեղեկացնէ CNN-ը։
Իրաքի նաւահանգստային ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ֆարհան ալ-Ֆարթուսին յայտարարած է, որ թէեւ երկրին մէջ նաւթային բեռնաւորման կայաններու գործունէութիւնը ամբողջովին դադրեցուած է, սակայն առեւտրային նաւահանգիստները կը շարունակեն գործել։
Պարսից ծոցին մէջ հրդեհուած նաւթատար նաւերու անձնակազմէն մէկ անդամ զոհուած է, իսկ 38 հոգի կրցած են փրկուիլ։ Կ՚ենթադրուի, որ այդ նաւթատարները խոցուած են իրանական ջրային տրոնով։
Մարտ 11-ին Պարսից ծոցին մէջ նաւերու վրայ վեց յարձակում տեղի ունեցած է, իսկ Հորմուզի նեղուցը դարձած է շրջանային պատերազմի կիզակէտը։