Երէկ Պէյրութի մէջ ահաբեկչութիւն ընել ծրագրող երիտասարդը կապ ունէր իսլամիստ գործիչ ԱհմատԱլ Ասիրի ղեկավարած խմբակին հետ:
Նշենք, որ 25-ամեայ Օմար Ալ Ասի, երէկ երեկոյեան ժամը 10:30-ին փորձած էր պայթեցնել իր գօտիին ամրացուած ռումբը, երբ ապահովական մարմիններ յաջողեցան ձերբակալել զինք: Դէպքը տեղի ունեցծ էր Համրա փողոցին վրայ գտնուող «Գոսթա» մարդաշատ սրճարանին մէջ, որ այդ ժամերուն կը դառնայ քաղաքի առաջադէմ երիտասարդութեան կեդրոններէն մին:
Աւելի ուշ կատարուած քննութիւններով ի յայտ եկաւ, որ Սայտա քաղաքի ծնունդ երիտասարդը անդամ էր Ահմատ Ալ Ասիրի զինեալ խմբաւորման եւ տարիներ առաջ զինուորագրուած ՝ այդ ահաբեկչական բջիջին:
Ներկայիս բանտարկուած Ահմատ Ալ Ասիր, որ ծպտուած ձեւով ապրած էր եւ քանի մը ամիս խոյս տուած ապահովական մարմիններէն ձերբակալուած էր Պէյրութէն թռիչք առնող օդանաւի մը մէջ եւ ան ներկայիս բանտարկուած է ու անոր դէմ կան տասնեակ մեղադրանքներ ու տեղի կ'ունենայ դատավարութիւն:
Ահմատ Ասիրի ղեկավարած խումբը 2013 թուականին զինեալ բախում ունեցած էր բանակին հետ: Սայտա քաղաքի Ապրա շրջանին մէջ (յունիս 2013 ) տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով զոհուած էին բանակի 16 զինուորներ (երկուքը ՝սպաներ) , բողոքի մեծ ալիք բարձրացնելով Ահմատ Ասիրի եւ անոր հետեւորդներուն դէմ: