image

Պորքինա Ֆասոյի մէջ մեծ ահաբեկչութիւն. Կայ 200-էն աւելի զոհ

Պորքինա Ֆասոյի մէջ մեծ ահաբեկչութիւն. Կայ 200-էն աւելի զոհ

Մինչեւ 200 մարդ զոհուած է, եւս 140-ը՝ վիրաւորուած Պորքինա Ֆասոյի Պարսալոկիի բնակավայրին վրայ զինեալներու յարձակման հետեւանքով։ Ինչպէս հաղորդած է Al Jazeera, զոհերուն մէջ կան զինուորականներ եւ քաղաքացիական անձեր:

Յարձակումը տեղի ունեցած է 24 օգոստոսին, անոր պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Ալ Քաիտա»ի հետ կապուած «Ճամաաթ Նուսրաթ» խմբաւորումը։

Զինեալները յարձակած են մարդոց վրայ, որոնք խրամատներ կը փորէին քաղաքի պաշտպանութեան համար:

Պորքինա Ֆասոյի անվտանգութեան ծառայութեան տուեալներով՝ ահաբեկիչները կարողացած են գրաւել շարժական հիւանդանոց եւ զէնք:

Վերջին տասնամեակի ընթացքին Պորքինա Ֆասոյի մէջ զինուած խմբաւորումները սպաննած են տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, տեղահանած աւելի քան 2 միլիոն մարդ։ Նորվեկիոյ փախստականներու հարցերու խորհուրդի տուեալներով՝ Պորքինա Ֆասոյի մէջ 2023 թուականին աւելի քան 8400 մարդ սպաննուած է՝ 2022 թուականի համեմատ գրեթէ երկու անգամ աւելի։