image

Անգարայի ահաբեկչութիւն. Հիմնական կասկածեալները քրտական խմբաւորումներն են. BBC

Անգարայի ահաբեկչութիւն.   Հիմնական  կասկածեալները   քրտական խմբաւորումներն են.  BBC

Հինգ մարդ զոհուած է, 22-ը՝ վիրաւորուած Անգարայի մերձակայքը գտնուող՝ Թուրքիոյ օդատիեզերական ընկերութեան (TUSAŞ) կեդրոնակայանի վրայ յարձակման հետեւանքով՝ յայտնած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան։

Անոր խօսքով՝ յարձակման հետ, ամենայն հաւանականութեամբ, կապուած է երկրին մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը՝ գրած է BBC-ն: Երլիքայան աւելի վաղ յայտնած էր, որ յարձակողներէն երկուքը՝ տղամարդ եւ կին, սպանուած են:

Թրքական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ յարձակողները ձեռնարկութիւն ժամանած են անվտանգութեան աշխատակիցներու հերթափոխի ժամանակ։ Անոնք գործի դրած են պայթուցիկ սարք, որմէ ետք փոխհրաձգութիւն սկսած է։ TUSAŞ-ի շտաբի անձնակազմը շտապ տարհանուած է ապաստարաններ։

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն ըսած է, որ զրուցած է Ռեճէպ Էրտողանի հետ եւ յայտարարած է, որ դաշինքը կը սատարէ Անգարային։ Յարձակումը դատապարտած են Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան եւ միւս երկիրները։

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան (DEM) ներկայացուցիչները նոյնպէս դատապարտած են այդ գործողութիւնը՝ ըսելով, որ այդ տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ թուրք հասարակութիւնը կը քննարկէ քիւրտ անջատողականներու հետ երկխօսութեան հնարաւորութիւնը։

Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան պատճառով Ռեճէպ Էրտողանը ընդհատած է BRICS գագաթնաժողովին իր մասնակցութիւնը եւ վերադարձած Թուրքիա: