image

Երբ սխալը անպատիժ կը մնայ՝ կը դառնայ օրէնք

Երբ սխալը անպատիժ կը մնայ՝ կը դառնայ օրէնք

Լիբանանահայ օգտագէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝

Մարդիկ իրենք իրենց թոյլ կու տան օրինազանցութիւններ ընելու. յաճախ ականատես կ՚ըլլանք խայտառա՛կ օրինազանցութեանց, եւ, զարմանալով կը հարցնենք թէ «ուրկէ՞ այս մարդոց այսքա՛ն յանդգնութիւն»։ 

Օրինակ, օթօն քշած ատեն կը տեսնենք օրինազանց մոթորսիքլէթներու վարորդներուն ճամբուդ հակառակ ուղղութեամբ, արաբերէնով՝ «աքսըլ սեր» քշելը, վրանի՛ս քշելը, եւ մազապուրծ՝ իրարու չզարնուելու աղէտէն փրկուելու համար փառք կու տանք Յովհաննէս Մկրտիչին, կ՚անցնինք կ՚երթանք, կամ վստահելով Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն, հետերնին վիզ-վիզի կ՚անցնինք եւ յե՛տոյ կ՚երթանք։ 

Գացինք, անցանք, բայց օրինազանց մոթորսիքլէթները դեռ, այս պահուս իսկ կը շարունակեն կոր «աքսըլ սեր» քշել, ամէն օր ամէն թաղ, ամէն ժամ։ 

Ի դէպ, եթէ պատահի որ զարնուի քեզի, դո՛ւն յանցաւոր կ՚ըլլաս օրէնքին դիմաց, իսկ իրեն՝ օրէնքը բռնաբարողին կ՚ըսեն.- «Օթօ՛ն զարկաւ»։ 

Այս բոլորը կը կրկնուին, եւ այնքան կը կրկնուին, որ տեղ մը կու գայ որ «աքսըլ սեր»ը բնական կը թուի բոլորին. այսինքն հոն եղած օրինազանցութիւնը այլեւս չի տեսնուիր. այնքա՛ն մը չի տեսնուիր, որ մոթորսիքլէթներէն ետք կը սկսինք տեսնել օթօներո՛ւն «աքսըլ սեր» քշելը։ Վերջ ի վերջոյ, ո՞վ միւսներուն պատասխանատուութեան կանչեց որ ասոնց կանչէ, սաստէ, տուգանէ, դատէ, բանտարկէ։ 

Եւ այսպէս, սխալ ընթացքը կը շարունակուի, սխալին գինը չվճարողները կը շատնան, եւ ամենավտանգաւորը՝ նորահաս սերունդը կը կարծէ որ այդ սխալը... ճի՛շդն է, եւ ինքն ալ կամայ ակամայ կը մասնակցի սխալը զարգացնելու։

Ասանկ կ՚ըլլայ երբ օրէնքը, գրուա՛ծ օրէնքը ծայրէ ծայր գործադրելու կոչուածները կ՚անտեսեն նոյն այդ օրէնքին տառն ու ոգին, իրենց վախկոտութեան եւ թուլութեան իբր արդիւք կը զիջին վերը նշուած սրիկաներուն, կը ներեն անոնց, կ՚անտեսեն սխալները, կը յետաձգեն արմատական լուծում տալը, եւ հազարումէկ իքնարդարացում հնարելով՝ «ասկէ առաջ ալ եղած է», «ժամանակը չէ», «պատիժը լուծում չէ», «յետոյ լեզուէն չենք ազատիր» եւայլն, օրինապահները կ՚այպանեն... օրէնքը կիրառելու իրենց պահանջի՛ն համար։

Հիմա ըսէք, խնդրեմ, ձեր տեսադաշտին մէջ ունի՞ք արդէն պարզ վիճակի վերածուած օրինազանցութիւն…։