image

Երասխի դէմ կրակոցներուն մասին

Երասխի դէմ կրակոցներուն մասին

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի գլխաւորած խումբը 20 Յուլիսին փաստահաւաք աշխատանքներ իրականացուցած է ՀՀ Արարատի մարզի Երասխ գիւղին մէջ։ Արդիւնքներու հիման վրայ ներկայիս կ'ամփոփուի Պաշտպանի արտահերթ զեկոյցը՝ անգլերէնով եւ ապացոյցներով հիմնաւորուած: Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՄԻՊ աշխատակազմը:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը եւս մէկ անգամ յատուկ կ'արձանագրէ, որ Երասխի հարեւանութեամբ ատրպէյճանական կրակոցները յանցաւոր բնոյթ ունին, կը կատարուին քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի եւ առողջութեան, եւ այլ կենսական իրաւունքներու համար իրական վտանգաւոր եղանակով, անոնք կ'ոտնահարեն քաղաքացիական բնակիչներու անդորրն ու խաղաղ կեանքը: