image

ԵՄ պատուիրակութիւն մը Երեւան ժամանած է. Այցի օրակարգ ն է վիզաներու ազատականացման բանակցութիւններու ծրագիրը

ԵՄ պատուիրակութիւն մը  Երեւան  ժամանած է. Այցի օրակարգ ն է  վիզաներու ազատականացման բանակցութիւններու ծրագիրը

2024-ը աննախադէպ տարի էր Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգն առաջ մղելու տեսանկիւնէ: Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս յայտարարած է Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը:

«Կարող ենք բազմաթիւ ձեռքբերումներ նշել՝ սկսած յատուկ ոլորտներից, ինչպիսին է օրինակ՝ արդարադատութիւնը. ստորագրուեց եւ վաւերացուեց «Հայաստան-Եւրոպոլ», «Հայաստան-Եւրաջասթ» կառոյցների հետ պայմանագրերը»,-ըսած է փոխնախարարը:

Ան յիշեցուցած է, որ 2 կարեւոր որոշումներ ընդունուած են յուլիսին՝ արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւն պիտի մեկնարկի եւրոպական խաղաղութեան գործիքի միջոցով Հայաստանին աջակցութիւն պիտի տրամադրուի:

«Աւարտին ենք հասցնում Հայաստան-Եւրամիութիւն գործընկերութեան նոր օրակարգի նախագիծը: Արդէն իսկ սկսել ենք բանակցութիւններն արտօնագրերի ազատականացման շուրջ: Այս օրերին Եւրամիութեան կողմից պատուիրակութիւն է գնտւում Երեւանում, որ մշակենք համապատասխան բանակցութիւնների ծրագիրը»,- շեշտած է ան:

Յովհաննիսեանը նշած է, որ կը շարունակուի Հայաստանի առաջնային՝ անվտանգութեան ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութիւնը:

«Աւարտին է հասցւում եւրամիութեան ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան առաքելութիւններին Հայաստանին մասնակցելու հարցի վերաբերեալ պայմանագիրը:

2025 թուականին նախատեսւում է Հայաստան-Եւրամիութեան համապարփակ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրով նախատեսուած բոլոր կանոնադրական մարմինների նիստերը՝ դա բարձրագոյն մարմինն է՝ գործընկերութեան խորհուրդը: Բրիւսէլում է կայանալու»,-ըսած է ան: