image

Էլիզապէթ Բ.-ը «Քովիտ»-ով վարակուած է

Էլիզապէթ Բ.-ը «Քովիտ»-ով վարակուած է

Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին «Քովիտ» քննութեան արդիւնքը դրական է: Այդ մասին հաղորդած են թագաւորական պալատէն:

«Թագուհիին մօտ «Քովիտ» յայտնաբերուած է: Ան ունի հիւանդութեան թեթեւ ախտանշաններ, որոնք նման են հարբուխին, սակայն կը պատրաստուի շարունակելու կատարել պարտաւորութիւնները յաջորդ շաբթուայ ընթացքին», յայտնած են պալատէն:

Յաւելած են նաեւ, որ թագուհիին կը տրամադրուի անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը: Աւելին, Էլիզապէթ Բ. կը հետեւի բժիշկներու բոլոր խորհուրդներուն: