image

Եգիպտացի բեմադրիչին Moon Knight տեսաշարը զայրացուցած է թուրքերը

Եգիպտացի բեմադրիչին Moon Knight տեսաշարը զայրացուցած է թուրքերը

Տեսաշարը մեծ ընդունելութիւն գտած է ու արձանագրած հետեւողներու բարձր տոկոս։ Այն նաեւ «գրգռած է» թուրքերուն զայրոյթը յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւն բառը: Այս մասին անդրադարձած է «Խապար Ալ Եօմ» կայքը: 

Վերջերս թողարկուած է Moon Knight (Լուսնի ասպետ) ամերիկեան տեսաշարը, MARVEL ընկերութեան արտադրութեամբ եւ եգիպտացի Մուհամմէտ Տիապի բեմադրութեամբ: Տեսաշարը մեծ ընդունելութիւն գտած է ու արձանագրած հետեւողներու բարձր տոկոս։ Այն նաեւ «գրգռած է» թուրքերուն զայրոյթը յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւն բառը: Այս մասին անդրադարձած է «Խապար Ալ Եօմ» կայքը: 

Ըստ աղբիւրին՝ թուրքերու զայրոյթին պատճառը այն է, որ տեսաշարի մասի մը մէջ դերասանը արտասանած է Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը: 

Իրենց կարգին, եգիպտահայեր թուիթըրեան էջերով եւ ընկերային հարթակներով հրապարակած են արձագանգներ, ուր գովաբանած են տեսաշարի այդ տեսարանը: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ հասարակութիւնը զայրոյթ արտայայտած է ու առարկած, մեղադրելով տեսաշարը պատրաստողները պատմութիւնը կեղծելու եւ անհանդուրժողականութիւն ու ատելութիւն տարածելու մէջ։

Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ տեսաշարի նկատմամբ թշնամանքը հասած է այն աստիճանի, որ որոշ թուրքեր կոչեր ըրած են 10-էն 1 վարկանիշ տալու տեսաշարին յայտնի IMDb կայքին մէջ, ինչ որ ամէնէն ցած վարկանիշն է, փորձելով «ոչնչացնել» անոր յաջողութիւնը: 

Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը մերժէ որեւէ փորձ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին կատարուած կոտորածները ցեղասպանութիւն դասելու, եւ այս առումով թրքական նախագահականի խօսնակը ըսած է, որ «Այդ ամօթալի փորձ մըն է, որ չէ ապացուցուած պատմական փաստարկներով»:

«Արեւելք» նիւթը քաղեց Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի դիմատետրեան էջէն։