Կիպրոսի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը խստօրէն կը դատապարտեն կիպրացի թուրքերու կողմէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու վրայ յարձակումները եւ ՄԱԿ-ի փոխադրային միջոցներու ոչնչացումը:
Ինչպէս յայտնած է Greek City Times-ը, միջադէպը տեղի ունեցած է Փիլա գիւղի մօտակայքը գտնուող պուֆերային (արգելակ հանդիսացող) գօտիին մէջ, երբ ՄԱԿ-ի խաղաղապահները դադրեցուցած են տարածքին մէջ չարտօնուած շինարարական աշխատանքները:
ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու անվտանգութիւնը վտանգող եւ ՄԱԿ-ի գոյքին վնաս հասցնող գործողութիւնները անթոյլատրելի են եւ կ'որակուին որպէս միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումներ, որոնց համար պիտի հետապնդուին օրէնքի ողջ խստութեամբ: