Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, թէ վերջին իրադարձութիւնը ընդհանրապէս որեւէ կապ չունի Արցախի հետ: «Անիկա բոլորովին այլ շրջանի մէջ է` հայ-ատրպէյճանական սահմանին: Իսկապէս մենք կը ցաւինք զոհերուն համար», նշած է ան:
Փութին դիտել տուած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը կարելի եղած է դադրեցնել առաջին հերթին Ռուսիոյ աջակցութեամբ եւ ազդեցութեամբ: