Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Մուխթար Թլեուպերտին ըսած է, որ Ղազախստանէն Հայաստան խաղաղապահներ ուղարկելու հարց չի քննարկուիր։
«Հարցն այդպէս դրուած չէ։ Երէկ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին Հայաստանի վարչապետը տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին տիրող իրավիճակի մասին։ Մենք կ'ուզէինք առարկայական պատկեր ստանալ, քանի որ երկու կողմէ տարբեր տեղեկութիւններ կու գան։ Ուստի պետութիւններու ղեկավարները որոշեցին, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը պիտի մեկնի այնտեղ, այնուհետեւ պիտի տեղեկացնէ պետութիւններու ղեկավարներուն», - Թլեուպերտիի խօսքերը մէջբերած է ԹԱՍՍ-ը:
Ղազախստանի ԱԳՆ ղեկավարն ըսած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը սահմանազատուած չէ, եւ այդ պատճառով «դժուար է խօսիլ սահմանի որեւէ խախտման մասին»։