image

«Ձայնն ամբողջութեամբ փոփոխուած է». Փաստաբանը Արշակ Սրբազանին վերագրուող տեսանիւթին մասին

«Ձայնն ամբողջութեամբ փոփոխուած է». Փաստաբանը Արշակ Սրբազանին վերագրուող տեսանիւթին մասին

Արշակ Սրբազանին վերագրուող տեսանիւթին մէջ առկայ է արհեստական բանականութեան կիրառում, ձայնն ամբողջովին փոփոխուած է: Այս մասին «Արշակ Սրբազանի փաստաբաններու ասուլիս»ի ժամանակ ըսած է փաստաբան Արսէն Բաբայեանը:

«Ըստ Չեռնոգորիայի փորձաքննութեան եզրակացութեան՝ տեսանիւթի տեխնիկական ցուցիչները ցոյց են տալիս, որ ներկայացուած ֆայլերը մշակուած ածանցեալներ են ու չեն հանդիսանում օբյեկտիւ իրականութեան բնօրինակ, հետեւաբար՝ ներկայացուած տեսագրութիւններում ներկայացուած տեսաձայնային իրադարձութիւնները գնահատւում են որպէս կառուցուած ու մանիպուլացուած թուային բովանդակութիւն:

Յաջորդիւ՝ մեր հարցին, թէ արդեօք տեսագրութիւնը չի ստեղծուել արհեստական բանականութեամբ, կամ տեսաբովանդակութիւն ստեղծելու համար նախատեսուած յատուկ ծրագրերով, պատասխանը եղել է, որ տեխնիկական արդիւնքները հակասում են այն պնդմանը, թէ տեսագրութիւնը չի ստեղծուել արհեստական բանականութեամբ:

Մի քանի անկախ ցուցիչներ ցոյց են տալիս, որ ներկայացուած նիւթերը հանդիսանում են մասնագիտացուած ծրագրով ստեղծուած կամ մանիպուլացուած արդիւնքներ, ու խիստ բնորոշ են արհեստական բանականութիւնով աջակցուած վերակառուցման փոփոխութեան»,- նշած է ան:

Անդրադառնալով ձայնագրութեան եւ խօսքային բովանդակութեան՝ Բաբայեանը նշած է, որ ձայնային խօսքը ենթարկուած է փոփոխութեան, ձայնը վերահամաժամանակեցուած է տեսագրութեան հետ: