image

Դիրքին վրայ մահացած գտնուած զինուորը Փշատաւանէն էր. Ան մասնակցած էր վերջին ռազմերուն

Դիրքին վրայ մահացած գտնուած զինուորը Փշատաւանէն էր. Ան մասնակցած էր վերջին ռազմերուն

Մարտական դիրքին վրայ հրազէնային վիրաւորմամբ մահացած գտնուած պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային՝ Հրաչեայ Տիգրանի Քարամեանը Արմաւիրի մարզի Փշատաւան գիւղէն էր։

Հրաչեան բանակ զօրակոչուած էր նախորդ տարուայ ամրան, կը ծառայէր Վարդենիս։ Հրաչեան մասնակցած էր սեպտեմբեր 12-ի լոյս 13-ի գիշերը Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն։

«Երեք օր իրենից լուր չունէինք։ Տղաները բարձրացել էին դիրքեր, կապը կորել էր։ Յետոյ զանգեց, ասաց՝ ամէն ինչ լաւ է, շուտով կ'իջնի դիրքերից։ Ինքը շատ բարի, հանգիստ, կշռադատուած տղայ էր։ Չեմ հասկանում՝ ինչ կարող էր պատահած լինել։ Հանգամանքները մեզ դեռ պարզ չեն»,- Պատմեց Հրաչեայ Քարամեանի հօրեղբայրը՝ Ազատ Քարամեան։

Հրաչեան ընտանիքի միակ որդին էր, ունէր իրմէ փոքր մէկ քոյր, կը փափաքէր ճանապարհային ոստիկան դառնալ։ 

Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ 30 սեպտեմբերին՝ ժամը 23:40-ի սահմաններուն, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի մարտական դիրքին վրայ յայտնաբերուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային՝ Հրաչեայ Տիգրանի Քարամեանի (2003-ի ծնունդ) դիակը՝ դեռ անյայտ հանգամանքներով ստացած հրազէնային վիրաւորումով:

Կը կատարուի քննութիւն դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար:

Նիւթը՝ NEWS.am-էն