Օրեր առաջ յենակետին մէջ այրուածքներ ստացած ժամկէտային զինծառայող Պալիան Պօղոսեանը մահացած է: Այս մասին կը տեղեկացնեն Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքէն։
Յիշեցնենք, որ 25 յուլիսին Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ զինծառայողը 17 յուլիսին ջերմային 2-րդ աստիճանի այրուածքով տեղափոխուած էր Զանգեզուրի կայազօրային հիւանդանոց:
Զինծառայողը նոյն օրը տեղափոխուած էր Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոն։ Պայմանաւորուած հիւանդութեան զարգացման ընթացքով եւ այրուածքային ախտահարման հետեւանքով պատճառուած հեռակայ բարդութիւններով՝ զինծառայողի առողջական վիճակին վատթարացած է եւ այն ծայրայեղ ծանր է:
ՊՆ–էն յայտնած էին, որ զինծառայողն այրուածքները ստացած է մարտական դիրքի վակոն-տնակին մէջ բռնկած հրդեհը մարելու ժամանակ։
Նշենք, որ մահացած ժամկէտային զինծառայող Պալիան Պօղոսեանը Ախուրեանի Ազատան համայքնէն էր։ Ան ունէր երկու քոյր, Կիւմրիի մանկավարժական համալսարանի ուսանող էր: