image

Դեսպան Տորոթի Շայա այցելեց՝ Անթիլիաս

Դեսպան  Տորոթի Շայա  այցելեց՝  Անթիլիաս

Լիբանանի մօտ Ամերիկայի դեսպանուհին հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ 

 

Հինգշաբթի, 3 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանուհի Տորոթի Շայա հետ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էր դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Էթան Լինչը: 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ: Այս շրջագծէն ներս տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ու դեսպանուհիին միջեւ։ Անոնք շեշտեցին յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման, ինչպէս նաեւ ընկերատնտեսական կեանքը բարելաւումի առաջնորդող գործընթացներու կարեւորութիւնը: