Փոխադարձ ծանօթացման լոյսին տակ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Տիար Նասսարի նշանակումը սոյն կարեւոր պաշտօնին եւ նշեց, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սրբազան հայրերը իրենց կարգին նաեւ հոգեւոր դեսպաններն են Լիբանան հայրենիքին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի մամլոյ դիւանէն վերահասու կը դառնանք՝
Հինգշաբթի, 12 Մարտ 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նորանշանակ Ընդհ. հիւպատոս Տիար Շարպել Նասսարի:
Փոխադարձ ծանօթացման լոյսին տակ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Տիար Նասսարի նշանակումը սոյն կարեւոր պաշտօնին եւ նշեց, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սրբազան հայրերը իրենց կարգին նաեւ հոգեւոր դեսպաններն են Լիբանան հայրենիքին:
Լիբանանցի պաշտօնակատարը իր հերթին ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման այս առիթին համար եւ տեղեկացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ Ընդհանուր հիւպատոսին գրասենեակը միշտ բաց է ընդառաջելու Լիբանանի զաւակներու քաղաքացիական տեսակ-տեսակ դիմումներուն եւ պատասխանելու հարցումներուն:
Մտերմիկ հանդիպման աւարտին, տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդհ. հիւպատոսին նուիրեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ծառայութեան 30-ամեակին նուիրուած գեղազարդ ալպոմէն օրինակ մը, մինչ պետական ներկայացուցիչը Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց Լիբանանը խորհրդանշող պատմական բրածոյ յուշանուէր մը։