image

Դեսպան Աթաբէկեան այցելած է Լիբանանցի ազդեցիկ գործիչ՝ Սլէյման Ֆրէնժէին

 Դեսպան Աթաբէկեան այցելած է Լիբանանցի ազդեցիկ գործիչ՝ Սլէյման Ֆրէնժէին

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Սլէյման Ֆրանժիյէի (որ նաեւ կը համարուի հայութեան բարեկամ քաղաքական դէմք մը) թոռն է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահներէն ՝ Սլէյման աւագ  Ֆրանժիյէին եւ առաջնորդը քրիստոնէական «Ալ Մարատա» հոսանքին։

 Ան այսօրուան դրութեամբ Ժըպրան Պասիլի կողքին կը համարուի երկրի նախագահութեան գլխաւոր յաւակնորդներէն մին։

 Լիբանանի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ՝ Վահագն Աթաբէկեան օրերս ուշագրաւ այցելութիւն մը տուած է լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմի ազդեցիկ գործիչներէն՝ Սլէյման Ֆրէնժիէյին։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է ՝

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Անթուան Մերհեպ եւ Ժան Պութրոս:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ռուս-ուքրանական տագնապն ու աշխարհին վրայ անոր ունեցած հետեւանքները: