Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Սլէյման Ֆրանժիյէի (որ նաեւ կը համարուի հայութեան բարեկամ քաղաքական դէմք մը) թոռն է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահներէն ՝ Սլէյման աւագ Ֆրանժիյէին եւ առաջնորդը քրիստոնէական «Ալ Մարատա» հոսանքին։
Ան այսօրուան դրութեամբ Ժըպրան Պասիլի կողքին կը համարուի երկրի նախագահութեան գլխաւոր յաւակնորդներէն մին։
Լիբանանի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ՝ Վահագն Աթաբէկեան օրերս ուշագրաւ այցելութիւն մը տուած է լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմի ազդեցիկ գործիչներէն՝ Սլէյման Ֆրէնժիէյին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է ՝
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Անթուան Մերհեպ եւ Ժան Պութրոս:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ռուս-ուքրանական տագնապն ու աշխարհին վրայ անոր ունեցած հետեւանքները: