image

Դէպի Իրան հայկական համարանիշերով ինքնաշարժներու մուտքը հեշտացած է

Դէպի Իրան հայկական համարանիշերով ինքնաշարժներու մուտքը հեշտացած է

Իրանի զբօսաշրջային եւ փոխադրամեքենաներու ակումբը նոր նախաձեռնութիւն ներկայացուցած է՝ դիւրացնելու Հայաստանէն փոխադրային միջոցներու մուտքը Իսլամական Հանրապետութիւն, գրած է Tehran Times-ը:

Ծրագիրը, որ ուղղուած է մաքսային ընթացակարգերու կրճատման եւ անդրսահմանային ճանապարհորդութիւններու արագացման, պաշտօնապէս մեկնարկած է շաբաթ օր, Իրանի մշակութային ժառանգութեան, զբօսաշրջութեան եւ ձեռարուեստի նախարար Ռեզա Սալեհի Ամիրիի մասնակցութեամբ արարողութեան ժամանակ:

Նախաձեռնութեան շրջածիրէն ներս Իրան մեկնող Հայաստանի քաղաքացիներն այսուհետեւ կրնան իրենց փոխադրային միջոցներու համար ստանալ Carnet de Passages կամ մաքսային տարանցման փաստաթուղթ, որ թոյլ կու տայ անոնց երկիր մուտք գործել նուազագոյն ուշացումով։

Ծրագիրը, որ մեկնարկած է Իրանի Զբօսաշրջութեան ազգային շաբթուան երկրորդ օրը տեսահամաժողովի միջոցով, նպատակ ունի պարզեցնել մաքսային ձեւակերպումները եւ ընդլայնել միջազգային ճանապարհային ճանապարհորդութիւնը Իրանի եւ հարեւան երկիրներու միջեւ:

Թեհրանի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մասնակցած են քանի մը այլ պաշտօնեաներ, որոնց շարքին՝ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Ալի-Ասղար Շալպաֆիանը եւ ակումբի գործադիր տնօրէն Մոհամմատ-Հոսէյն Սուֆին:

Հայաստանին սահմանակից Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգի Նորտուզ սահմանային անցակէտէն ուղիղ միացմամբ՝ Զբօսաշրջութեան եւ փոխադրամեքենաներու ակումբի խօսնակ Շահապ Մալմիրը կը վերահսկէր հայկական առաջին մեքենայի ժամանակաւոր մուտքը Իրան։ Պաշտօնական մուտքը թոյլ տուած է նախարար Սալեհի Ամիրին ուղիղ եթերի ժամանակ։

Աւելին, ծրագիրը նախատեսուած է կրճատելու միջնորդներու քանակը, կրճատելու ծախսերը եւ սահմանին սպասելու ժամանակը եւ խթանելու միջազգային ճանապարհային ճանապարհորդութիւնը, այն կը խթանէ Իրանի զբօսաշրջութեան արդիւնաբերութիւնը, կ՚ամրապնդէ կապերը հարեւան երկիրներու հետ եւ՝ աւելի շատ զբօսաշրջիկներու ներգրաւումը Հայաստանէն եւ անոր սահմաններէն դուրս: 

Զբօսաշրջութեան եւ փոխադրամեքենաներու ակումբը կապուած է Մշակութային ժառանգութեան, զբօսաշրջութեան եւ արհեստներու նախարարութեան հետ: Անոր առաջադրանքները կը ներառեն արտասահմանեան փոխադրային միջոցներու սեփականատէրերու կամ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու ճանապարհորդութիւնը Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ զբօսաշրջութեան տեղեկատուական գրասենեակներու ստեղծում, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու եւ զբօսաշրջային ծառայութիւններու զարգացում։