Այսօր՝ սեպտեմբեր 14-ին, ինքնասպանութիւն տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։
Ժամը 03։00-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Պարեկային ծառայութեան Երեւան քաղաքի բաժին տեղեկութիւններ ստացուած են, որ քաղաքացին նետուած է Դաւթաշէնի կամուրջէն։
Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Երեւանի բնակիչ 74-ամեայ Գ․ Հ․-ն է։
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վերջինս ինքնասպան եղած է՝ նետուելով կամուրջէն։ Մահացածի մարմինը փրկարարները պատգարակով մօտեցուցած են դիատարին։