image

Դաւիթ Տօնոյեան ազատ արձակուեցաւ

Դաւիթ Տօնոյեան ազատ արձակուեցաւ

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ազատութեան մէջ է։ Ան դուրս եկած է «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկէն (ՔԿՀ)։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Դաւիթ Տօնոյեան գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի։

Հակափտածութեան դատարանը՝ դատաւոր Վահէ Դոլմազեանի նախագահութեամբ, փոխած է Դաւիթ Տօնոյեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը՝ որպէս խափանման միջոց ընտրելով գրաւը՝ 15 միլիոն դրամի չափով։

Յիշեցնենք, որ Դաւիթ Տօնոյեան կալանքի տակ էր շուրջ երեք տարի։ Քրէական գործը ռազմամթերքի ձեռքբերման գործընթացին ենթադրեալ չարաշահումներու, մասնաւորապէս, անորակ, անպիտան հրթիռներ ձեռք բերելու վերաբերեալ է։

Քրէական գործի ծիրէն ներս մեղադրանք առաջադրուած է եօթ անձի, ներառեալ՝ ՊՆ նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին, ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի (ԶՈՒ ԳՇ) պետ Արտակ Դաւթեանին, ԶՈՒ ԳՇ պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանին, «Փաթրոն Դաւօ» մականունով յայտնի՝ զէնքի մատակարարմամբ զբաղող գործարար Դաւիթ Գալստեանին։