image
Հրատապ լուրեր:

Դաւիթ Խուդաթեան՝ Արմաւիրի մարզպետ

Դաւիթ Խուդաթեան՝  Արմաւիրի մարզպետ

Արմաւիրի մարզպետ նշանակուած է Դաւիթ Խուդաթեանը։ Հարցը ներառուած էր ՀՀ կառավարութեան 11 յունուարի նիստի օրակարգի չզեկուցուող հարցերուն մէջ, որ նիստի սկիզբը կառավարութեան անդամները միաձայն ընդունեցին։

Նշենք, որ Դաւիթ Խուդաթեանը Արմաւիր խոշորացուած համայնքի ղեկավարն է եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան Արմաւիրի տարածքային խորհուրդի նախագահը։

Ըստ մամուլի տեղեկութիւններու՝ Արմաւիր համայնքի աւագանին Խուդաթեանի փոխարէն ղեկավար պիտի ընտրէ անոր առաջին տեղակալ՝ Վարշամ Սարգսեանը։

Յիշեցնենք, որ Արմաւիրի մարզպետ Էդուարդ Յովհաննիսեանը պաշտօնէն ազատուեցաւ անցեալ շաբաթ, Փաշինեանի մարզ կատարած այցէն եւ Արագած բնակավայրի վերանորոգուած դպրոց այցէն ետք։