image

Արսէն Թորոսեանը պիտի նշանակուի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, Արէն Մկրտչեանը՝ Լոռիի մարզպետ

Արսէն Թորոսեանը պիտի նշանակուի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, Արէն Մկրտչեանը՝ Լոռիի մարզպետ

Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Թորոսեանը պիտի նշանակուի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արէն Մկրտչեանը՝ Լոռիի մարզպետ։

Այս մասին այսօր լրագրողներուն յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Արսէն Թորոսեանը նշանակուելու է Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարար։ Ասեմ աւելին՝ Արէն Մկրտչեանն էլ նշանակուելու է Լոռու մարզպետ»,-ըսած է Փաշինեանը։

Արսէն Թորոսեանը 2018-2021-ը զբաղցուցած է առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը: 2021-ի յունուար-յուլիսին եղած է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը:

2021-ի յունիս 20-ին ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան համապետական ընտրական ցուցակով:

Արէն Մկրտչեանը 2018-ի դեկտեմբեր 9-ին Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի թիւ 9 ընտրատարածքի տարածքային ընտրական ցուցակով: