Դանիայի վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսընը այցելած է Կրինլանտի մայրաքաղաք Նուուք, հանդիպած կղզիի վարչապետի եւ բնակիչներու հետ: Ան ընդգծած է Դանիայի Թագաւորութեան համախմբուածութեան եւ համատեղ քաղաքական ապագայի կարեւորութիւնը։
«Կրինլանտի մէջ եմ՝ ցոյց տալու Քոփենհակենի աջակցութիւնը կղզիի ժողովուրդին: Շատ բարդ ժամանակներ կ՚ապրինք»,-ըսած է Ֆրետերիքսընը:
Դանիայի վարչապետը աւելցուցած է, որ սերտօրէն կը գործակցին Կրինլանտի իշխանութիւններու հետ եւ դիւանագիտական աշխատանքներ կը կատարեն:
Այս այցը տեղի ունեցած է Կրինլանտի ապագայի շուրջ աճող լարուածութեան լոյսի ներքոյ։ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած էր, որ կղզին պէտք է ըլլայ ԱՄՆ-ի վերահսկողութեան տակ, այլապէս այն կրնան գրաւել Ռուսիան կամ Չինաստանը:
Օրերս Տաւոսի մէջ Թրամփը յայտարարած է, որ գործարքի հասած են, եւ Միացեալ Նահանգներն անսահմանափակ հասանելիութիւն պիտի ստանայ Կրինլանտին: