Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է Ափրիկէի շրջանի քարիթասի պատասխանատու եւ Ճիպութիի ու Մակատիշոյի պատուոյ եպիսկոպոս Ճորճիօ Եպս. Պերթինը, որ Սուրիա ժամանած էր Քարիթասի ընդհանուր ժողովին մասնակցելու։ Ան Հալէպ գտնուելուն առիթով քաղաքավարական ու ծանօթացման այցելութիւն տուած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Կիրակի, 1 Փետրուար 2026-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Ափրիկէի շրջանի քարիթասի պատասխանատու եւ Ճիպութիի ու Մակատիշոյի պատուոյ եպիսկոպոս Ճորճիօ Եպս. Պերթինը, որ Սուրիա ժամանած էր Քարիթասի ընդհանուր ժողովին մասնակցելու եւ Հալէպ գտնուելուն առիթով քաղաքավարական ու ծանօթացման այցելութիւն տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան։
Հանդիպումին արծարծուեցան տիրող իրավիճակին եւ առկայ դժուարութիւններուն առնչուող նիւթեր։ Եպիսկոպոսը անդրադարձաւ իր առաքելութեան եւ ծառայութեան։ Ան իրազեկ դարձաւ Բերիոյ Հայոց Թեմին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն նաեւ համայնքապետներուն հետ համագործակցաբար կատարուող աշխատանքներուն։
Հանդիպումէն ետք, եպիսկոպոսը այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր մօտէն ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ պատմական արժէք ներկայացնող գանձերուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած։
Բարեմաղթութիւններու փոխանակում կատարուեցաւ։ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, յաջողութիւն մաղթեց եպիսկոպոսի գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Քարիթասի յառաջիկայ ծրագիրներուն։

