Դամասկոսը ողջունած է ԱՄՆ կառավարութեան Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու մէկ մասի չեղարկման որոշումը։
«Մենք կ՚ողջունենք Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդի դէմ երկար տարիներ գործող պատժամիջոցները չեղարկելու ԱՄՆ կառավարութեան որոշումը:
Պատժամիջոցներու վերացումը դրական քայլ է երկրի մէջ մարդասիրական եւ տնտեսական խնդիրները մեղմելու համար»,- ընդգծած են Սուրիոյ ԱԳՆ-էն: