Օրերս, Սուրիոյ վարչապետ Հիւսէյն Արնուս ընդունած է այցելութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին եւ իրեն ընկերակցող ազգային պատուիրակութեան:Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Բերիոյ Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս երէկ ընդունեց այցելութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին եւ իրեն ընկերակցող ազգային պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը շեշտեցին, որ սուրիական ինքնութիւնը կը միաւորէ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչները՝ իրենց տարբեր կրօնական պատկանելիութիւններով, ինչ որ կը հարստացնէ Սուրիոյ ընկերային կեանքի խճանկարը։
Վարչապետ Արնուս շեշտեց կրօնական, ժողովրդային եւ ընկերային բազմաթիւ գործունէութիւններու, մարդասիրական նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, յայտնելով, որ անոնք խաղաղ գոյակցութեան լաւագոյն պատկերը կ՚արտացոլեն, ամրապնդելով Սուրիոյ ժողովուրդի միասնութեան ոգին:
Արնուս անդրադարձաւ նաեւ ներկայիս տեղի ունեցող բազմամակարդակ երկխօսութիւններու կարեւորութեան, որոնց կը մասնակցին տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական այնպիսի միաւորներ որոնք դրական դերակատարութիւն ունին երկրին ու անոր ժողովուրդի ապագայի ուրուագծման մէջ:
Իր կարգին Սրբազան Աշգարեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հաստատեցին, որ Սուրիա պիտի յաղթահարէ բոլոր մարտահրաւէրները եւ վերածաղկի շնորհիւ ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան միասնութեան: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սուրիոյ կառավարութեան՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան ծառայողական, մարդասիրական եւ առողջապահական բազմաբնոյթ ծառայութիւններու հեզասահ ընթացքին նպաստելու համար:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Քայս Մուհամմէտ Խըտըր եւ Քարտուղարութեան կրօնական գրասենեակի տնօրէնուհի Հանաա Աֆֆաշ: