image

Չուղեւորուիլ Արցախ. Միացեալ Նահանգներէն զգուշացում

Չուղեւորուիլ Արցախ. Միացեալ Նահանգներէն զգուշացում
ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը երկրի քաղաքացիներուն կոչ կ'ընէ վերանայիլու Հայաստան այցելելը՝ COVID-19-ի պատճառով։ Այս մասին նշուած է 26 Յուլիսին ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
 
Անոր համաձայն՝ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման կեդրոնները COVID-19-ի պատճառով Հայաստանի համար ճանապարհորդներու առողջութեան 3-րդ մակարդակի ծանուցում հրապարակած են, որ կը վկայէ երկրին մէջ COVID-19 բարձր մակարդակը:
 
Բացի այդ, Պետական քարտուղարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ իր քաղաքացիներուն կոչ կ'ընէ չուղեւորուելու Լեռնային Ղարաբաղ, զինուած հակամարտութեամբ պայմանաւորուած:
 
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ կը շարունակուին կորուստներ գրանցուիլ: Ընդհատուած կրակոցները եւ հրետանային համակարգերու ժամանակ առ ժամանակ օգտագործումը, ներառեալ ցամաքային ականներն ու ականանետերը, ամէն տարի կը յանգեցնեն մահուան եւ վիրաւորներու: Խուսափեցէք «շփման գիծի» մօտակայքը գտնուող ճանապարհներէն եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի մօտակայքի ճանապարհներէն:
 
ԱՄՆ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ արտակարգ ծառայութիւններ մատուցել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող ԱՄՆ քաղաքացիներուն, քանի որ ԱՄՆ կառավարութեան աշխատակիցները սահմանափակուած են այնտեղ ճանապարհորդելու հարցով», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։