image

Չինաստանի ղեկավարը դիմած է Պայտընին, բայց մերժում ստացած

Չինաստանի ղեկավարը դիմած է Պայտընին, բայց մերժում ստացած

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի՝ Թայուան կատարած վերջին գայթակղային այցէն օրեր առաջ Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփին խնդրած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընէն «գտնել Փելոսիին ուղեւորութենէն ետ պահելու ճանապարհը», սակայն մերժուած է, գրած է Washington Post-ը՝ վկայակոչելով Սպիտակ տան իրավիճակին ծանօթ պաշտօնեաներուն։

Երկու ղեկավարներու 28 յուլիսի հեռախօսազրոյցը, ըստ հրատարակութեան զրուցակիցներու, Չինաստանի կողմէ ԱՄՆ-ին տրուած «բազմաթիւ նախազգուշացումներու» գագաթնակէտն էր՝ այս այցի նախապատրաստման վերաբերեալ։

Մասնաւորապէս, Փեքինի ներկայացուցիչները Ուաշինկթընին տեղեկացուցած են, թէ ինչ պատասխան միջոցներ կրնան հետեւիլ, եթէ, հակառակ բոլոր նախազգուշացումներուն, Փելոսիի այցը կղզի իսկապէս կայանայ։

«Սակայն Պայտըն Սի Ծինփին ըսած է, որ չի կրնար կատարել այս պահանջը՝ բացատրելով, որ Քոնկրէսը իշխանութեան անկախ ճիւղ է, եւ որ Փելոսին, ինչպէս Քոնկրէսի միւս անդամները, ինքնուրոյն որոշումներ կը կայացնէ իր արտասահմանեան այցերու վերաբերեալ»,- պատմած է թերթի աղբիւրներէն մէկը։

Չինաստան, որ կղզին կը համարէ իր նահանգներէն մէկը, դատապարտած է Փելոսիի այցը՝ այդ քայլով տեսնելով ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը թայուանական անջատողականութեան եւ սկսած է լայնածաւալ զօրավարժութիւններ։

Իրավիճակը Թայուանի շուրջ սրած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի վերջին այցէն ետք՝ ան դարձած է ամենաբարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնեան, որ այցելած է կղզի վերջին 25 տարուան մէջ։ Սա, բնականաբար, առաջացուցած է պաշտօնական Փեքինի զայրոյթը: Կղզի այցը խթանած է Թայուանի նեղուցին մէջ լարուածութեան նոր փուլ։ Չինական բանակը զօրավարժութիւններ սկսած է Թայուանի ափերու մօտ: